2010-03-12 13:07:32

Հայկական երաժշտութեան վարպետները` Սարգիս Բարխուդարեան


Հայկական երաժշտութեան վարպետները` Սարգիս Բարխուդարեան

Սարգիս Բարխուդարեան ծնած է Թիֆլիս 1887-ին. Ան հայկական երաժշտութեան յօրինող մեծ վարպետներէն մին է։ Իր նախնական ուսումները աւարտելէ ետք Թիֆլիսի հայկական վարժարանին մէջ, ան, որպէս երաժշտութեան ուսումի ձիրքի տէր անձ մը, ուղարկուած է Պերլին եւ տեղւոյն երաժշտանոցին մէջ, զոր յաճախած է 1907-էն մինչեւ 1909, եւ ուր մասնագիտացած է գլխաւորաբար դաշնամուրի նուագին մէջ, իբր ուսուցիչ ունենալով Շուլցը։

Անկէ ետք` կը մեկնի Բեդրոկրատ, ուր կը հետեւի տեղական Գոնսերվաթորիային մէջ, երաժշտութեան յօրինման, ունենալով որպէս ուսուցիչ` Գալաֆաթ, Շթայնպերկ եւ Վիտոլ։ Յետագային կը դասաւանդէ նաեւ թէ Թիֆլիսի, թէ Երեւանի երաժշտանոցներուն մէջ։

Իր ստեղծագործութեան էական բաժինը կը կայանայ դաշնամուրի համար մանր նուագներու յօրինման մէջ։ Ինչ որ շահեկան է հայ երաժշտութեան համար` այն է որ Բարխուդարեան իր ստեղծագործութիւններուն տուած է հայկական գոյն, այսպէսով զարգացնելով տոհմային երաժշտութիւնը, որ ընդհանրապէս միշտ մնացած է բերանացի աւանդութեան մէջ։

Նշանաւոր են իր Արեւելեան Պարերը, 1910-էն մինչեւ 1913, որոնք հիմնական դեր կատարեցին հայկական երաժշտական նորաստեղծ արուեստին մէջ։ Ընդհանրապէս պարեղանակները ժողովուրդի ազատ ստեղծագործութիւններ եղած են, ասոր համար ալ` յաճախ իրարմէ կը տարբերին տեղւոյն, առիթին կամ նուագողներուն համաձայն։

Բարխուդարեան` զանոնք նօթագրելով, նախ փրկեց կորուստէ, եւ ապա` կանոնաւորեց եւ դաշնաւորումով` ձեւաւորեց, ինչ որ մեծ բախտաւորութիւն եղաւ մասնաւորապէս յետագային եկող սերունդներուն համար։ Ան հեղինակն է նաեւ երկու շարք մանր դաշնամուրային կտորներու, որոնք միշտ կը կրեն հայկական գոյն ու դրոշմ. Անոնք գրուած են 1910-էն մինչեւ 1923 թուականներուն միջեւ։

1917-ին` կը յօրինէ իր առաջին երկար ստեղծագործութիւնը, որ է Անոյշ սիմֆոնիք պոէմը։ Ապա 1932-ին` Անդր-ֆետերացիա Սուիթը։ Իր երրորդ ստեղծագործութիւնն է Նարինէ Պալլէթը, 1938-ին, որ սակայն միայն իր մահուընէ ետք բեմադրուեցաւ։

Մինչեւ 1936 թուականը ապրած է Թիֆլիսի մէջ, մերթ ընդ մերթ Երեւան մնալով։ Այդ թուականին կը ստանայ Վրաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի պատուանշանը. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք` աւելի կը մնայ Երեւան, ուր զարկ կու տայ Երեւանի երաժշտական թատրոնին, զանազան կատակերգութիւններու համար նուագներ յօրինելով։ Այսպէս զոր օրինակ` Յակոբ Պարոնեանի Մեծապատիւ Մուրացկաններու նուագները, ինչպէս նաեւ Դերենիկ Դեմիրճեանի Քաջ Նազար զաւեշտին նուագը։

1942-43 թուականներուն` Բարխուդարեան յօրինած է 25 կտորներ մանուկներու համար, ինչպէս նաեւ Քեռի Քուչի մանկական Օփերան։ Ապա` երբ Հայաստանի մէջ սկսած է Շարժապատկերի – Սինեմայի – արուեստը, ան յօրինած է երաժշտութիւնը Կարօ եւ Տէրն ու Ծառան ֆիլմերուն։ Ըրած է նաեւ աշուղական երգերու մշակումներ։

Սարգիս Բարխուդարեան կը մեռնի Թիֆլիսի մէջ 1973-ին. Իր մարմինը կը փոխադրուի Երեւան, ուր թաղուած է։



ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒ 252 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ԹԵՐ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԻԱԿ ԻՍԼԱՄ ԱՆԴԱՄԸ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ



Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող թիւ 252 օրինագիծին թեր քուէարկած յանձնախումբի միակ մահմետական անդամ Քիթ Էլիսըն իր խորհրդականին միջոցով բացատրութիւն տուած է թրքական Հապերթիւրքին։

Էլիսըն հերքած է թրքական մամուլին այն տեղեկութիւնը, թէ ինք քուէարկութենէն առաջ յայտնած է, թէ օրինագիծին դէմ պիտի քուէարկէ՝ նշելով միաժամանակ, որ իմ կողմ քուէարկելս ուղղուած չէ թուրք ժողովուրդի դէմ։ Ես յարգանքով կը վերաբերիմ ձեր դիւանագիտութեան, որ ուղղուած է խաղաղութեան եւ համագործակցութեան։ Թուրքիա Միացեալ Նահանգներու բարեկամն է եւ ռազմավարական դաշնակիցը։ Ես գիտեմ, որ իմ քուէս ձեզ կրնայ հիասթափեցնել եւ անոր համար ես տխուր եմ։

Ես կը դիմեմ Քոնկրեսի իմ գործընկերներուս, որ մտածենք մեր պատմութեան վրայ եւ ճանչնանք մեր բազմաթիւ գործընկերներուն կողմէ արտայայտուած կարմրամորթներու ցեղասպանութիւնը։ Եթէ մենք կը ճանչնանք հարիւր տարի առաջ աշխարհի այդ կողմին մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը, ապա պէտք է նայինք մեր պատմութեան եւս։

Ես կը դիմեմ հայ ժողովուրդին։ Մենք ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն կը յիշենք եւ կը յարգենք այդ ողբերգութեան ժամանակ զոհուածները, այլ նաեւ կը կրկնենք ամբողջ աշխարհին մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւններուն նկատմամբ մեր ուշադրութիւնը, նշած է Քիթ Էլիսըն։








All the contents on this site are copyrighted ©.